Ե Ո Ւ Ք Ա Թ Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն
Զրոյց Քսաներեքերորդ – Գլուխ Բ. ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՅԻՍՈԻՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՍՏՈՒԾՈՅ
ՄԻԱԾԻՆ ՈՐԴՒՈՅՆ (2)
Հարցում թիւ 77. Ի՞նչ կը նշանակէ թէ ՅիսուսՔրիստոս
միեւնոյն ատեն իրապէս Աստուած է եւ իրապէս մարդ։ Յիսուսի մէջ` Աստուած իսկապէս կ՛ըլլայ
մեզմէ մէկը, այսպէսով կը հանդիսանայ մեր եղբայրը, առանց սակայն դադրելու միեւնոյն ատեն
ըլլալու Աստուած եւ մէր Տէրը։ Քաղկեդոնի Տիեզերական Ժողովը յայտարարեց 451 թուին թէ`
ՅիսուսՔրիստոսի անձին մէջ, աստուածային բնութինն ու մարդկային բնութիւնը իրարու միացած
էին ՙանբաժան եւ անշփոթ կերպով՚ ։ Եկեղեցին երկար ատեն տգնեցաւ յստակօրէն կարենալ
արտայայտելու համար յարաբերութիւնը աստուածութեան եւ մարդկութեան ՅիսուսՔրիստոսի մէջ։
Աստուածութիւնն ու մարդկութիւնը իրար հետ չեն մրցակցիր, իբրեւ թէ Յիսուս մասամբ մարդ
ըլլար եւ մասամբ` Աստուած։ Նմանապէս կարելի չէ հաստատել թէ աստաուածայինն ու մարդկայինը
կը խառնուին իրար` Յիսուսի մէջ, ոչ ալ թէ Աստուած երեւութապէս մարմին առած է (Ուսուցողականութիւն).
Ան իրապէս մարդ եղած է։ Չկան նաեւ Յիսուսի մէջ երկու տարբեր անձեր, միացած իրար, մարդկայինը
եւ աստուածայինը (Նեստորականութիւն)։ Վերջապէս, հերետիկոսութիւն է նաեւ ըսել թէ մարդկային
բնութիւնը ամբողջովին կ՛անյետանայ աստուածային բնութեան մէջ (Միաբնեաները)։ Այս բոլոր
հերետիկոսութիւններուն դէմ` Եկեղեցին հաստատապէս կը պահպանէ հաւատքը հանդէպ ՅիսուսՔրիստոսի,
իրապէս Աստուած եւ իրապէս մարդ, մէկ անձի մէջ։ Քաղկեդոնի Տիեզերական Ժողովին նշանաւոր
բանաձեւը ՙանբաժան եւ անշփոթ կերպով՚ չի կրնար բացատրել այն ինչ որ կը գերազանցէ մարդկային
իմացականութիւնը, բայց կը շեշտէ հաւատքի երկու հիմնական կէտերու վրայ։ Ան ցոյց կու տայ
ուղղութիւնը որուն մէջ հարկ է փնտռել Յիսուսի անձին խորհուրդը։